Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան դուրս մնաց «Banter Series Final» ճատրակի առցանց մրցաշարքէն, երբ կիսաւարտական հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 5,5-2,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընէն:
Հայրենի կրանտմասթըր-ը, քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, 5,5-3,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռուսիան ներկայացնող՝ Ալեքսանտր Կրիսչուքի դէմ:
Աւարտականին, Քարլսըն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը՝ Ուեսլի Սոն:
Նշենք, որ Արոնեանի վերջին յաջողութիւնը եղաւ նախորդ շաբաթ, երբ ան Գերմանիոյ ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, իր մաս կամած ակումբին՝ Պէյտըն-Պէյտըն կազմին հետ հանդիսացաւ ախոյեան: