-Լուիս Սուարեզ Տուպլէ Մը Իրագործեց
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-յի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը՝ Ռէալ Մատրիտ, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռէալ Պեթիսի դաշտէն:
Հիւր կազմին կոլերը նշանակեցին՝ Ֆետերիքօ Վալվերտէ (14-րդ), Էմերսոն (48-րդ՝ սխալմամբ իր բերդէն ներս) եւ Սերճիօ Ռամոս (82-րդ փենալթի-ով): Նշենք, 66րդ վայրկեանին նոյնինքն Էմերսոն կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Պարսելոնա, որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրին՝ Վիարէալին: Անսու ֆաթի տուպլէ մը իրագործեց (15-րդ եւ 19-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին՝ Լիոնել Մեսսի (35-րդ փենալթի-ով) եւ Փօ Թորես (45–րդ՝ սխալմամբ իր բերդէն ներս):
Բաւական յիշատակելի եղաւ ուրուկուէյցի յառաջապահ՝ Լուիս Սուարեզի նորամուտը իր նոր ակումբին՝ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ, երբ ան Կրանատայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-1), տուպլէ մը իրագործեց (85-րդ եւ 90+5-րդ): Նշենք, որ ան դաշտ ներկայացաւ 70-րդ վայրկեանին:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, Ռէալ Պեթիս եւ Կրանատա ապահոված են առաւելագոյն 6 կէտերը:



