Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Դանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի մրցումները:
Հոպրօ, որ հիւրն էր Հվիտովրէի, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, 2-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Էդգար Բաբայեան, 63-րդ վայրկեանին՝ փենալթի-ով:
Դժբախտաբար սակայն, հայրենի ֆութպոլիստը մրցումը չկրցաւ ամբողջացնել, նկատի ունենալով որ 76-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Անոր կազմը, այժմ 7 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: