Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող թենիսմէն՝ Կարէն Խաչանով (դասուած՝ 8-րդ), որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համպուրկի թենիսի «ATP500» միջազգային բաց մրցաշարքին, չկրցաւ շրջանցել Բ. հանգրուանի արգելքը, երբ պարտութիւն մը կրեց սերպ Տուսան Լայովիչէն, 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Լայովիչի մրցակիցը պիտի ըլլայ 2-րդ դասուած յոյն՝ Սթեֆանոս Ցիցիփաս, որ 7-5 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ուրուկուէյցի Փապլօ Քուեվասի դէմ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ՝ 1,2 միլիոն եւրօ: