Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, Է. խմբակին մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երկու կազմերն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեցին:
Նոյն ժամուն, սակայն Ը. խմբակին մէջ, Լայփցիկ հիւրը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտին:v