Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Պիզենթէ Լիզարազու յայտարարութեան մը ընթացքին անդրադարձաւ քաթալոնիական Պարսելոնայի մաս կազմող յառաջապահ Անթուան Կրիզմանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:
«Կրիզման տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, որովհետեւ կը փափաքէր խաղալ Լիոնել Մեսսիի կողքին: Սակայն պարզուեցաւ այն բացարձակ իրականութիւնը, որ այդ մէկը չտուաւ իր դրական արդիւնքը:
«Այժմ ժամանակն է, որ ան հեռանայ Պարսելոնայէն, որովհետեւ ան չի կրնար շարունակել իր լաւ ելոյթները` այժմու իր խումբին հետ», 50 տարեկան Լիզարազուի խօսքերը փոխանցեց «Goal.com»-ը:
Նշենք, որ 29 տարեկան Կրիզման Պարսելոնայի միացաւ 2019-ի ամրան: