Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս եւ ակումբին ղեկավարութիւնը չկրցան իրարու հետ համաձայնութիւն գոյացնել նոր պայմանագրութեան գծով: Այս մասին յայտնեց հանրածանօթ` «Goal.com» կայքը:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, արքայական ակումբը պատրաստ է միայն մէկ տարիով երկարաձգել Ռամոսի պայմանագրութիւնը, սակայն 34 տարեկան ֆութպոլիստը կը պահանջէ երկու տարիով պայմանագրութեան երկարաձգում:
Երկու կողմերուն միջեւ նոր պայմանագրութեան գծով բանակցութիւնները այժմ դադրած են: Անոնք պիտի վերսկսին յունուար 2021-ին:
Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային յետսապահը Ռէալ Մատրիտի մաս կը կազմէ 2005-էն ի վեր: