Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Խորհրդակցական Հանդիպում` Պասքեթպոլի  Ֆետերասիոնի Նախագահ Հալապիի Տան Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Խորհրդակցական Հանդիպում` Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահ Հալապիի Տան Մէջ

Շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի տան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն ներկայ եղան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի անդամ Ղազի Պուսթանի, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Հուսամ Զպիպօ, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Սալիպա, ինչպէս նաեւ շարք մը ակումբներու նախագահներն ու ներկայացուցիչները: Ժողովականներուն արծարծած գլխաւոր...

Լիբանանեան Թենիս.  Ֆետերասիոնի Նախագահ – Մարզական  Լրագրողներ Հանդիպում

Լիբանանեան Թենիս. Ֆետերասիոնի Նախագահ – Մարզական Լրագրողներ Հանդիպում

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լէօ Քանոյ» ճաշարանին մէջ (Հոլիտէյ Պիչ), Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ նախաձեռնեց յատուկ հանդիպումի մը` իր եւ լիբանանցի մարզական լրագրողներու միջեւ: Հանդիպումին մասնակիցներուն կարգին էին նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի մարզական խմբագիրը եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Սայեղ: Քննարկուեցան այս մարզը յուզող բազմաթիւ հարցեր: Ֆետերասիոնին նախագահը յոյս յայտնեց, որ 12 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Լիբանանի...

Գեղարդ Մուսասի Իր Յաղթանակը  Նուիրեց Հայաստանին

Գեղարդ Մուսասի Իր Յաղթանակը Նուիրեց Հայաստանին

Հոլանտաբնակ «MMA»-ի հայ մարտիկ Գեղարդ Մուսասի, նախորդ շաբաթավերջին պրազիլցի Տուկլաս Լիմայի դէմ իր արձանագրած յաղթանակը նուիրեց Հայաստանին: «Իմ այս յաղթանակս կը նուիրեմ իմ երկրիս, որ այժմ պատերազմի մէջ է: Հայաստան, կը սիրեմ ձեզի եղբայրներ, քոյրեր, ձեզի հետ եմ, մեր սրտին եւ աղօթքներուն մէջ էք: Յոյսով եմ, որ շուտով խաղաղութիւն կը տիրէ», նշեալ մենամարտէն ետք ըսաւ Մուսասի: Նշենք, որ 35 տարեկան...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Կը Պահանջէ  Ազրպէյճանական Քարապաղ Ակումբին  Հեռացնել Եւրոպական Բաժակի Մրցաշարքէն

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Պահանջէ Ազրպէյճանական Քարապաղ Ակումբին Հեռացնել Եւրոպական Բաժակի Մրցաշարքէն

Վերջին շրջանին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին եւ ՖԻՖԱ-ին` ազրպէյճանական ֆութպոլի պատասխանատուներուն կողմէ հրապարակուած հայատեաց նիւթերով բովանդակութիւններուն մասին: Նախորդ շաբաթավերջին այդ երեւոյթը աւելի եւս անցաւ իր սահմանները, երբ ազրպէյճանական Քարապաղ ֆութպոլի ակումբի մամլոյ բաժանմունքի պատասխանատու Նուրլան Իպրահիմով հանդէս եկաւ հայերուն դէմ ուղղուած հետեւեալ ահաբեկչական բնոյթի յայտարարութեամբ. «Մենք պէտք է սպաննենք բոլոր հայերը` երեխաները, կիները, ծերերը:...

Մխիթարեան. «Միջազգային Հանրութեան  Կոչ Կ՛ուղղենք Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը»

Մխիթարեան. «Միջազգային Հանրութեան Կոչ Կ՛ուղղենք Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձեալ դատապարտեց Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կատարուած թուրք-ազրպէյճանական վայրագ յարձակումները` միջազգային հանրութեան կոչ ուղղելով ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: «Տագնապի սրման, ինչպէս նաեւ հայ անմեղ անձերը շարունակաբար թիրախ դարձնելու եւ անոնց ֆիզիքական ոչնչացումի սպառնալիքներուն ի տես, միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղենք ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը», ըսաւ Մխիթարեան:

Ռոպերթ  Էմմիեանը` Փարիզէն. «Բոլորս Մեծ  Յոյսով Ենք, Որ Ֆրանսա  Կը Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը»

Ռոպերթ Էմմիեանը` Փարիզէն. «Բոլորս Մեծ Յոյսով Ենք, Որ Ֆրանսա Կը Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը»

Ինչպէս ծանօթ է, աշխարհի տարածքին հայերու կողմէ կը շարունակուին խաղաղ ցոյցերը, որպէսզի ապահովուի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը: Բնականաբար նոյնն է պարագան նաեւ ֆրանսահայութեան, որ կը պահանջէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեց երկար տարիներէ ի վեր Փարիզի մէջ բնակութիւն հաստատած, Եւրոպայի մէկ քայլ ոստումի ախոյեան եւ մրցանշակիր, Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան: «Բոլորիս համար ալ մտահոգիչ...

Եւրոպական Խաղերու Մասնակից  Ժիրայր Սարգսեան` Առաջնագիծին Վրայ

Եւրոպական Խաղերու Մասնակից Ժիրայր Սարգսեան` Առաջնագիծին Վրայ

Հայաստանի կռփամարտի բազմակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու մասնակից Ժիրայր Սարգսեան, հայ ազատամարտիկներուն հետ կը գտնուի ռազմաճակատին վրայ եւ անոնց հետ միասին գտնուելով առաջնագիծին վրայ, կը պայքարի Արցախի եւ Ազրպէյճանի դէմ` շղթայազերծուած ազրպէյճանաթրքական նախայարձակումին դէմ, այս գծով յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «Հայաստանի եւ Արցախի համար այս դժուար օրերուն, զէնքը ձեռքին իր հայրենիքը կը պաշտպանէ նաեւ Հայաստանի կռփամարտի բազմակի ախոյեան, եւրոպական...

Արթուր Ալեքսանեան Միջազգային Հանրութեան  Կոչ Կ’ուղղէ Ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը

Արթուր Ալեքսանեան Միջազգային Հանրութեան Կոչ Կ’ուղղէ Ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը

Յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի եռակի, Եւրոպայի հնգակի, ողիմպիական եւ եւրոպական խաղերու ախոյեան, ՄԱԿի մանկական հիմնադրամի` ԵՈՒՆԻՍԵՖի դեսպան` Արթուր Ալեքսանեան, միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: «Մենք նոյնն ենք, մենք Արցախ ենք: Կը ճանչնա՞ս զիս: Ճանչցի՛ր Արցախը», ըսաւ հայրենի ըմբիշը:

Արցախի Մէջ Նահատակուեցաւ Փիւնիկի  Սան` Բերդապահ Գագիկ Աբրահամեան

Արցախի Մէջ Նահատակուեցաւ Փիւնիկի Սան` Բերդապահ Գագիկ Աբրահամեան

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւններուն ժամանակ իր պարտքը կատարելու ընթացքին նահատակուած է ակումբի սան` բերդապահ Գագիկ Աբրահամեան: Աբրահամեան կը գտնուէր զինուորական ծառայութեան մէջ: «Կը ցաւակցինք Գագիկի նահատակութեան առիթով եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք անոր ծնողքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն: «Յաւերժ փա՛ռք, Գագիկ», նշուեցաւ երեւանեան ակումբին կողմէ հրապարակուած...

«Էրտողանն Է Ահաբեկչութեան Նոր Դէմքը»  Ըսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի Թուրք Պասքեթպոլիստը

«Էրտողանն Է Ահաբեկչութեան Նոր Դէմքը» Ըսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի Թուրք Պասքեթպոլիստը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պոսթըն Սելթիքսի թուրք խաղացող Էնես Քանթեր նախորդ շաբաթավերջին խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: «Ահաբեկչութիւնը ունի նոր դէմք: 10 տարուան ընթացքին 31 տագնապ` 10 երկիրներու (Յունաստան, Ռուսիա, Կիպրոս, Սուրիա, Լիպիա, Իրաք, Հայաստան, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա, քիւրտեր) հետ: «Աշխարհը պէտք է հասկնայ, որ Էրտողանի բռնակալ եւ անգութ վարչակարգն է այդ տագնապներուն հեղինակը...

«Լա-Լիկա».  Պարսելոնայի Ամէնէն Վատ Մեկնարկը`  18 Տարուան Ընթացքին

«Լա-Լիկա». Պարսելոնայի Ամէնէն Վատ Մեկնարկը` 18 Տարուան Ընթացքին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-Լիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումները: Երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, արձանագրեց տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը` 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Հուեսքան: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա (45-րդ եւ 90-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Էտեն Հազար (40-րդ) եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէ (54-րդ): Նշենք, որ պելճիքացի Հազար Ռէալի հետ վերջին անգամ կոլ...

Ռասինկ Ակումբի Ընտրութիւններ.  Փաուլա Ֆարաոն Ռըզք Ընտրուեցաւ Նախագահ

Ռասինկ Ակումբի Ընտրութիւններ. Փաուլա Ֆարաոն Ռըզք Ընտրուեցաւ Նախագահ

Անցնող քանի մը օրերուն «Լը Կապրիել» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) տեղի ունեցան Ռասինկ Պէյրութ ակումբին ընտրութիւնները: Մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով թեկնածու ներկայացած 11 անձերն ալ ընտրուեցան անդամ: Աւարտին տեղի ունեցան պաշտօններու բաժանումները: Փաուլա Ֆարաոն Ռըզք ընտրուեցաւ նախագահ:

Ֆութսալ.  Պուլկարիա-Հայաստան Մրցումները` Վառնայի Մէջ

Ֆութսալ. Պուլկարիա-Հայաստան Մրցումները` Վառնայի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը Պուլկարիոյ դէմ իր երկու մրցումները պիտի կատարէ Վառնայի մէջ: Նշենք, որ այս երկու մրցումները, որոնք կ՛իյնան «ԵՒՐՕ-2022»-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, յետաձգուած են նախորդ ապրիլէն: Առաջին մրցումը պիտի կատարուի 5 նոյեմբերին, իսկ երկրորդը` 8 նոյեմբերին:

Ճատրակ.  Արամ Յակոբեան Արժանացաւ 1500 Տոլար Պարգեւավճարի

Ճատրակ. Արամ Յակոբեան Արժանացաւ 1500 Տոլար Պարգեւավճարի

Հայրենի կրանտմասթըր` Արամ Յակոբեան, յաջող կերպով հանդէս եկաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած «SPICE Cup» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով, ան բաժնեց 3-5-րդ դիրքերը քուպացի Լա Փրուզոն Պաթիսթայի եւ ամերիկացի Եունյեսքի Քեսատա Փերեսի հետ` անոնց նման արժանանալով 1500 ամերիկեան տոլար պարգեւավճարի: Ան 1,5 կէտով ետ մնաց տիտղոսին տիրացած ուքրանացի կրանտմասթըր Իլիա Նիժնիքէն: Նշենք, որ Յակոբեան մրցաշարքին...

Արցախցի Երեխաներուն Համար Միջոցառում` Ֆութպոլի Ակադեմիային Մէջ

Արցախցի Երեխաներուն Համար Միջոցառում` Ֆութպոլի Ակադեմիային Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած երեխաներուն համար յատուկ միջոցառում մը կազմակերպուած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Երեխաները եւ Գանձասար-Կապանի աղջիկներու խումբին ֆութպոլիստները, բաժնուելով խումբերու, իրարու դէմ կատարած են քանի մը մրցումներ: Միջոցառումին աւարտին արցախցի երեխաները նուէրներ ստացան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ Թալինի Արարատ ակումբին կողմէ:

Քարլես Թուսքուեթց` Պարսելոնայի Նախագահի Պաշտօնակատար

Քարլես Թուսքուեթց` Պարսելոնայի Նախագահի Պաշտօնակատար

Հաղորդած էինք, որ անցնող օրերուն Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու հրաժարեցաւ նախագահի իր պաշտօնէն: Ակումբին ղեկավարութիւնը, ընդունելով անոր հրաժարականը, յայտնեց, թէ Քարլես Թուսքուեթց նշանակուեցաւ նախագահի պաշտօնակատար: Յայտնենք, որ մինչ այդ ան քաթալոնիական ակումբին տնտեսական խորհուրդի նախագահն էր: Ասկէ բացի ստեղծուեցաւ նոր յանձնախումբ մը, որ երեք ամսուան ընթացքին պիտի զբաղի ակումբին տնօրէններու խորհուրդի նոր անդամներու ընտրութեամբ: Նախագահին հրաժարականին յաջորդող 90 օրերուն...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլ Նշանակեց Իր 10.000-րդ Կոլը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Նշանակեց Իր 10.000-րդ Կոլը

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Դ. խմբակին մաս կազմող Լիվըրփուլ յաջողեցաւ արձանագրել իր յաջորդական երկրորդ յաղթանակը, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` դանիական Միթյիլենտը: Այս մրցումին Լիվըրփուլի նշանակած առաջին կոլը, փորթուգալցի միջնապահ Տիոկօ Մոթթայի կողմէ (55-րդ վայրկեանին): Ասիկա Լիվըրփուլի համար յոբելեանական կոլ մը եղաւ, նկատի ունենալով, որ եղաւ` անոր 10.000-րդը` բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին: Նշենք,...

«Եւրոպայի-Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Ա. Էս. Ռոմա Չկրցաւ Յաղթել Սոֆիայի Բանակայիններուն

«Եւրոպայի-Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Ա. Էս. Ռոմա Չկրցաւ Յաղթել Սոֆիայի Բանակայիններուն

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը, որ «Եւրոպայի-Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրընկալեց պուլկարական Սոֆիայի Բանակայինները, չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել անոր դէմ` կորսնցնելով երկու կէտ: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ ճերմակ հաւասարութեամբ: Հիւրընկալ կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան: Ան Բ. կիսախաղին սկիզբը փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:...

«Եւրոպայի-Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Ադամեան Մասնակցեցաւ Հոֆընհայմի Արձանագրած Յաղթանակին

«Եւրոպայի-Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Ադամեան Մասնակցեցաւ Հոֆընհայմի Արձանագրած Յաղթանակին

«Եւրոպայի-Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որ կը կատարուի խմբակներու դրութեամբ, գերմանական Հոֆընհայմ ֆութպոլի ակումբը, որ մաս կը կազմէ ԺԲ. խմբակին, արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Կենքի դաշտէն: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան մասնակցեցաւ իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին: Ադամեան, որ նկատի առնուած էր իբրեւ պահեստի մարզիկ, 67-րդ վայրկեանին դաշտ...

Ողիմպիականի Փոխախոյեանը Մահացաւ` 37 Տարեկան Հասակին

Ողիմպիականի Փոխախոյեանը Մահացաւ` 37 Տարեկան Հասակին

2010-ի ձմեռնային ողիմպիականի խաղերու արծաթէ մետալակիր Ռիչըրտ Ատժէյ մահացաւ 37 տարեկան հասակին: Այս մասին յայտնեց գերմանական մամուլը: Գերմանացի մարզիկին մահուան պատճառները չնշուեցան: Ան առաջին սեւամորթ մարզիկն էր, որ Գերմանիան ներկայացուցած էր ձմեռնային ողիմպիականի խաղերուն, որոնք տեղի ունեցած էին Վանքուվըրի մէջ (Քանատա):

Page 578 of 1279 1 … 577 578 579 … 1,279

Արխիւներ