Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած դասաւորման, առաջին տասնեակին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկատարուեցաւ:
Իր տրամադրութեան տակ ունենալով 11,740 կէտ, սերպ Նովաք Ճոքովիչ կը շարունակէ գրաւել առաջին դիրքը:
Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, ունի 9850 կէտ:
Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ (9125 կէտ):
Հայկական արմատներով ռուս թենիսմէն` Կարէն Խաչանով, դիրք մը նահանջելով, այժմ կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ դիրքը:



