Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Արազ Օզպիլիսի մարզաշապիկը աճուրդով ծախուեցաւ 1025 ամերիկեան տոլարի:
30 տարեկան ֆութպոլիստը բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց աճուրդին մասնակցելու համար:
«Artsakh Strong» գրութեամբ այս մարզաշապիկին վաճառքը, որ տեւեց քանի մը օր, նուիրուած էր Արցախին, որուն պիտի յատկացուի գոյացած գումարը:
Նշենք, որ Ալաշկերտի դէմ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին կատարելիք իր մրցումին համար Փիւնիկ մարզաշապիկներ ծախու հանած է:
Այդ մարզաշապիկներուն վաճառքէն հաւաքուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Արցախին: