Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Ասթանայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն նշանակեց երկու կոլ, յայտարարութեամբ մը ըսաւ, որ այդ երկու կոլերը կը նուիրէ իր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց կեանքերը կը զոհեն եւ կը պայքարին ազերիներուն եւ թուրքերուն դէմ:
Իւրայատուկ եղաւ այն, որ ան իր նշանակած կոլերէն ետք, դառնալով դէպի թրիպիւնները, զինուորական բարեւներով ողջունեց իր համակիրներուն:
Նշենք, որ այդ մրցումին անոր կազմը 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Օքժեթփեսի դէմ:



