Փերուի ֆութպոլի Քլաուսուրայի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն Իւնիվերսիատ Քախամարքա 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պինասիոնալին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան 47-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, իսկ 62-րդ վայրկեանին դարձաւ էսիսթի հեղինակ:
Նշենք, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը Փերուի Ափերթուրայի ախոյեանութեան 19 հանգրուանի մրցումներուն նշանակեց 10 կոլ: