Ֆրանսայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նանթ, որ նախորդ շաբաթավերջին հիւրը եղաւ Լը Մանսի, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն Գոռ Մանուէլեան (18 տարեկան), հակառակ անոր որ դաշտ ներկայացաւ 70-րդ վայրկեանին, սակայն յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել:
Գոռ Մանուէլեան, որ ծնած է 2002-ին, Ստեփանակերտի մէջ, Ֆրանսայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան 19 մրցումի ընթացքին նշանակեց 17 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ: