Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Լայսթըր Սիթի, որ Լոնտոնի մէջ հիւրը եղաւ Արսենալի, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ճէյմի Վարտի, աւարտէն տասը վայրկեան առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ խումբը բարձրացաւ 4-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 12 կէտ:
Այս յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր նուաճում մը:
«Opta Sport»-ի տուեալներուն համաձայն, Լայսթըր Սիթի Արսենալի դաշտին վրայ իր վերջին յաղթանակը արձանագրած էր 47 տարի առաջ, 1973-ին: