Խառն մենամարտերուն («ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.») մէջ հանդէս եկող ռուսահայ Էդուարդ Վարդանեան մեկնեցաւ Արցախ: Լուրը հաղորդեց «Sport24» մարզական կայքը:
29 տարեկան մարտիկը յայտնած է, որ Արցախ կը մեկնի հայ բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու համար:
Էդուարդ Վարդանեան ծնած է Երեւան:
«ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մէջ ան կատարած է 24 մենամարտ եւ արձանագրած 20 յաղթանակ: