Իտալական Նափոլի ֆութպոլի խումբին գլխաւոր մարզիչ` Կենարօ Կաթուզօ, նոր պայմանագրութեամբ համաձայնութիւն գոյացուց ակումբի ղեկավարութեան հետ:
«Football italia» տեղեկացուց, որ Կաթուզօ Նափոլիի հետ պիտի կնքէ աւելի բարձր աշխատավարձով պայմանագրութիւն մը, իսկ Նափոլի պիտի չկարենայ միակողմանիօրէն խզել իտալացի մասնագէտին պայմանագրութիւնը:
Նշուեցաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը գոհ է անոր աշխատանքէն:
42 տարեկան Կաթուզօ, որ 2019-ի վերջերուն ստանձնեց իր պաշտօնը, մինչեւ 2021-ի ամրան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է ակումբին տոմարներուն վրայ: