Անցնող քանի մը օրերուն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութսալի «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ախոյեան` Լէոն, իրեն մրցակից պիտի ունենայ դանիական Կենթոֆթէ խումբը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 24-էն 29 նոյեմբերի միջեւ, Դանիոյ մէջ: