Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէնի մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ Սթանպուլ Պաշաքշեհիրի («Չեմփիընզ-Լիկ») դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-0) վիրաւորուեցաւ, շուրջ երեք շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը պիտի բացակայի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք Նանթի եւ Ռեննի դէմ մրցումներէն, ինչպէս նաեւ Լայփցիկի («Չեմփիընզ-Լիկ») դէմ կատարուելիք ճակատումէն: