Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ 11 նոյեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած Հայաստան-Քուէյթ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը ջնջուած է:
Քուէյթի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, հաշուի առնելով իր երկրին եւ անկէ դուրս հետզհետէ աւելիով տարածուող «Քորոնա» ժահրին պարագան, պաշտօնական նամակով մը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն խնդրած է այդ մրցումը չեղեալ նկատել:
Նշուեցաւ, որ քուէյթցիները յոյս յայտնած են, որ երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ ապագային կարելի կ՛ըլլայ տարբեր հաւաքականներու մակարդակով անպայման ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ կատարել: