Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը «ՖԻՖԱ»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութեան նախագահը` Ճիաննի Ինֆանթինօ, վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով:
Անոր ենթարկուած համապատասխան քննութեան արդիւնքը եղած է դրական:
«ՖԻՖԱ»-ին նախագահը տասը օր պիտի մնայ ինքնամեկուսացումի մէջ, որմէ ետք դարձեալ քննութեան պիտի ենթարկուի:
Նշուեցաւ, որ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին անոր հետ շփում ունեցած անձերը, իրենց կարգին, պիտի ինքնամեկուսացուին: