Մարզական

Ճատրակի Բարեսիրական Մրցաշարք` Արցախցի  Ընտանիքներուն Օգնելու Համար

Ճատրակի Բարեսիրական Մրցաշարք` Արցախցի Ընտանիքներուն Օգնելու Համար

Միացեալ Նահանգներու ճատրակի աղջկանց ազգային խումբին անդամ Տաթեւ Աբրահամեան յայտնեց, որ 20 դեկտեմբերին, «Chess.com» կայքին վրայ պիտի կատարուի կայծակնային ճատրակի առցանց մրցաշարք մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած ընտանիքներուն: Աբրահամեան յայտնեց, որ հանգանակութեան նուազագոյն գումարը 25 ամերիկեան տոլար է: Անոր մասնակցողները պիտի խաղան Հայաստանի աղջկանց ախոյեան Մարիա Գէորգեանի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու բնակիչ Վարուժան Յակոբեանի, Տաթեւ Աբրահամեանի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Սաժես Պէյրութի 22 Տարեկան  Ֆութպոլիստը Մահացաւ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաժես Պէյրութի 22 Տարեկան Ֆութպոլիստը Մահացաւ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Սաժես Պէյրութի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող 22 տարեկան ֆութպոլիստ` Մոհամետ Ալի Ֆահըս մահացաւ սրտի կաթուածի հետեւանքով: Անոր ակումբը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն, լիբանանցի մարզասէրներուն եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտանիքին:  

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Մաս Կազմեց Ժ. Խմբակին

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մաս Կազմեց Ժ. Խմբակին

Երէկ` երկուշաբթի, 7 դեկտեմբերին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ 2022-ի Մոնտիալի Եւրոպայի գօտիի զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Եւրոպական 55 երկիրներու հաւաքականները բաժնուեցան 10 խմբակներու: «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. դասակարգի Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ժ. խմբակին, զտումի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Գերմանիան, Ռումանիան, Իսլանտան, Հիւսիսային Իրլանտան, Մակեդոնիան եւ Լիխթնշթայնը:

Ճատրակ.  2024-ի Համաշխարհային Ողիմպիականը  Տեղի Պիտի Ունենայ Պուտափեշտի Մէջ

Ճատրակ. 2024-ի Համաշխարհային Ողիմպիականը Տեղի Պիտի Ունենայ Պուտափեշտի Մէջ

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 2024-ի ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ: Անիկա  կը կատարուի երկու տարին անգամ մը: Այս տարի սկզբունքով ողիմպիականի հիւրընկալ երկիրը պէտք էր ըլլար Ռուսիան, սակայն անիկա չկայացաւ` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Առաջին անգամ «ՖԻՏԷ»-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքը նախապէս Պուտափեշտ հիւրընկալած է երկար տարիներ առաջ...1926-ին: Հոս նշենք, որ Հայաստանի...

Կռփամարտ.  Յստակացան Աւագ Տարիքի Հայաստանի  Պատանիներու Ախոյեանութեան Մրցանակակիրները

Կռփամարտ. Յստակացան Աւագ Տարիքի Հայաստանի Պատանիներու Ախոյեանութեան Մրցանակակիրները

Երէկ` երկուշաբթի, Տինամօ մարզահամալիրին մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի կռփամարտի աւագ տարիքի պատանիներու ախոյեանութիւնը: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Հայաստանի ախոյեաններուն անունները` ըստ անոնց գրաւած տարիքային դասաւորման: Նշենք, որ ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ 11 տարիքային դասաւորման մէջ` սկսելով 46 քկ-էն, հասնելով մինչեւ 80 քկ եւ վեր:

«Էն. Պի. Էյ.».  Լեպրըն Ճէյմս` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրըն Ճէյմս` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գործող ախոյեան Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս, ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն մարզիկը` «Սփորթց-Իլիւսթրէյթըտ» ամերիկեան անուանի ամսագիրին կողմէ: 35 տարեկան ամերիկացին այսպիսով երրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցանակին (նախապէս` 2012-ին եւ 2016-ին):  

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Պարսելոնա-Եուվենթուս Գագաթի Ճակատում

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա-Եուվենթուս Գագաթի Ճակատում

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Զ. եւ վերջին հանգրուանի մրցումները կը կատարուին այսօր եւ վաղը, անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսը ապահովող բոլոր կազմերուն անունները: Այսօրուան գագաթի ճակատումին, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Եուվենթուս: Թէեւ երկու կազմերն ալ ապահոված են յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը, սակայն այս մրցումը ունի իւրայատուկ կարեւորութիւն, մանաւանդ` խմբակին...

Մարատոնա Ամէն Ամիս 100 Հազար Տոլար Օգնութիւն Կը Տրամադրէր 50 Ընտանիքներու

Մարատոնա Ամէն Ամիս 100 Հազար Տոլար Օգնութիւն Կը Տրամադրէր 50 Ընտանիքներու

Արժանթինցի ֆութպոլի աստղ Տիեկօ Մարատոնա, որ մահացաւ նախորդ 25 նոյեմբերին, ամէն ամիս շուրջ 10 միլիոն արժանթինեան փեսօ (100 հազար ամերիկեան տոլար) կը տրամադրէր իր մտերիմներուն օգնելու համար, այս մասին հաղորդեց «Մարքա»-ն: Այդ գումարները Մարատոնայի դրամատան անձնական հաշիւէն կը փոխանցուէին 50 ընտանիքներու, ըլլան անոնք երկրին մէջ բնակող, կամ` այլ երկիրներու մէջ: Նշենք, որ այժմ արժանթինցիին հաշիւները սառեցուած են Արժանթինի մաքսային ծառայութեան...

Տիպալա Շատ Հաւանաբար  Տեղափոխուի Անգլիա

Տիպալա Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Անգլիա

Ըստ անգլիական մամուլին, Եուվենթուսին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա ամենայն հաւանականութեամբ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Անգլիոյ մէջ: 27 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են անգլիական աւելի քան վեց ակումբներ: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը` Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանին հետ, իր աւարտին կը հասնի յունիս 2021-ին:

Թուխել Կրնայ Գլխաւորել  Մանչեսթըր Եունայթըտը

Թուխել Կրնայ Գլխաւորել Մանչեսթըր Եունայթըտը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխել կը պատրաստուի լքելու իր ակումբը, այս մասին յայտնեց «Լը Փարիզիեն»-ը: 47 տարեկան Թուխելով շատ մօտէն հետաքրքրուած է անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ շուտով բանակցութիւններու պիտի սկսի անոր հետ: Նշուեցաւ, որ Թուխել նոր պայմանագրութիւն պիտի չկնքէ մայրաքաղաքի կազմին հետ եւ 2021-ի ամրան պիտի հեռանայ խումբէն: Ան Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ նշանակուեցաւ 2018-ին:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դուրս  Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները: Անոնք կը կատարուին նաք աութի դրութեամբ, եւ պարտուողը դուրս կը մնայ մրցաշարքէն: Մրցաշարքէն դուրս մնացողներուն կարգին եղաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Ալէյի դաշտին վրայ մրցեցաւ Նասըր Հատասի դէմ: ՀՄԸՄ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան, այս մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:...

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ.  ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան  Վերընտրուեցաւ Ֆետերասիոնի Անդամ

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան Վերընտրուեցաւ Ֆետերասիոնի Անդամ

Ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով, թեկնածու ներկայացած բոլոր անձերն ալ մաս կազմեցին նոր ֆետերասիոնին: ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ: Ընտրութենէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով. Խալետ Պատիհ (նախագահ), Հապիպ Խալիլ (փոխնախագահ), Տիգրան Զէյթճեան (փոխնախագահ), Մոհամետ Պըլիք (ընդհանուր քարտուղար), Ռաուատ Համմուտ (գանձապահ),...

Լիբանանի Պետմինթընի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ.  Ժասեմ Քանսօ Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Լիբանանի Պետմինթընի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Ժասեմ Քանսօ Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի պետմինթընի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, ֆետերասիոնին ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին` Հուփս Հազմիէ ակումբին մէջ: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին անդամագրուած 12 ակումբներէն 11-ը: Եօթը աթոռի համար թեկնածու ներկայացած էին ութ անձեր: Նախքան ընտրութիւններուն սկսիլը, այդ ութ անձերէն մէկը իր առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչեց: Այս քայլը պատճառ դարձաւ, որ մնացեալ եօթը թեկնածուները, առանց ընտրութեան կայացումի, մաս կազմեն նոր...

19 Տարեկան Էտկար Սեւիկեան Իր Նորամուտը  Նշեց Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մէջ

19 Տարեկան Էտկար Սեւիկեան Իր Նորամուտը Նշեց Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մէջ

Ռուսահայ միջնապահ Էտկար Սեւիկեան նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն, երբ անոր կազմը` Լեվանթէ, 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ հիւրընկալեց Կեթաֆէն: 19 տարեկան ֆութպոլիստը դաշտ ներկայացաւ մրցումին 83-րդ վայրկեանին: Մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 3-0 արդիւնքով: «Այս իւրայատուկ օրը անմոռանալի է ինծի համար: Շնորհակալ եմ բոլորին, որոնք աջակցեցան ինծի: Այժմ կը մնայ շարունակել աշխատանքը եւ յաջողութիւններու...

Ֆութսալ. «Եւրօ-2022»-ի Զտումի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 4-0 Արդիւնքով Յաղթեց Պուլկարիոյ

Երէկ` կիրակի, 6 դեկտեմբերին, «Եւրօ-2022»-ի ֆութսալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պուլկարիան: Վառնայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Հայաստանէն տուպլէ մը իրագործեց Համլեթ Մանուկեան: Իսկ մէկական կոլ նշանակեցին Դաւիթ Ասլանեան եւ Վլատիմիր Սանոսեան: Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին, դարձեալ Վառնայի...

«Ֆորմիւլա-2».  Միք Շումախըր Հանդիսացաւ  2020 Տարեշրջանի Ախոյեան

«Ֆորմիւլա-2». Միք Շումախըր Հանդիսացաւ 2020 Տարեշրջանի Ախոյեան

Երէկ` կիրակի, 6  դեկտեմբերին իր աւարտին հասաւ «ֆորմիւլա-2»-ի 2020 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցաւ 12-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը, Սախիրի վազքուղիին վրայ (Պահրէյն): Եօթը անգամ «ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Միքայէլ Շումախըրի որդին` 21 տարեկան Միք Շումախըր հանդիսացաւ ախոյեան, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով: Ան յաջողեցաւ ապահովել 215 կէտ եւ տիրանալ տիտղոսին: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Քալում Իլոթ (201...

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Երկու Կէտի  Առաւելութեամբ` Առաջին

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Երկու Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին

  Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Մոնփելիէին: Վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, վերջին կոլը նշանակեց Քիլիան Մպափէ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը ունեցաւ 28 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լիլ ունի 26 կէտ:  

«Քալչիօ».  Ա. Էս. Ռոմա Չկրցաւ Յաղթել Սասուոլոյին

«Քալչիօ». Ա. Էս. Ռոմա Չկրցաւ Յաղթել Սասուոլոյին

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա, որ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սասուոլոն, անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հիւրընկալ կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, թէեւ 44-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, սակայն անոր կոլը չեղեալ նկատուեցաւ, երբ օրուան իրաւարարը «ՎԱՐ»-ի միջոցով այդ հարուածին...

«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց,  Պարսելոնա Պարտուեցաւ

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց, Պարսելոնա Պարտուեցաւ

  Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ եւ փոխախոյեանը` Պարսելոնա, իրենց մրցումները կատարեցին օտար դաշտերու վրայ: Մայրաքաղաքի կազմը, որ այցելեց Սեւիլլայի դաշտը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ Եասին Պունուի կողմէ, սխալմամբ` իր բերդին մէջ (56-րդ): Իսկ Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Քատիսի,...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ-Լայփցիկ Կոլերով Հարուստ  Մրցումը Աւարտեցաւ 3-3 Հաւասարութեամբ

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ-Լայփցիկ Կոլերով Հարուստ Մրցումը Աւարտեցաւ 3-3 Հաւասարութեամբ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, շաբթուան գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Պայէրն Միւնիխը եւ Լայփցիկը: Անոնց միջեւ կատարուած կոլերով հարուստ այս մրցումը աւարտեցաւ 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Պայէրնէն տուպլէ մը իրագործեց Թոմաս Միւլըր (34-րդ եւ 75-րդ), մինչ առաջին կոլը նշանակած էր` Ժամալ Մուսայլա (30-րդ): Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն ունեցաւ 23 կէտ, մինչ...

Page 564 of 1279 1 … 563 564 565 … 1,279

Արխիւներ