Երէկ` կիրակի, 6 դեկտեմբերին իր աւարտին հասաւ «ֆորմիւլա-2»-ի 2020 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցաւ 12-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը, Սախիրի վազքուղիին վրայ (Պահրէյն):
Եօթը անգամ «ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Միքայէլ Շումախըրի որդին` 21 տարեկան Միք Շումախըր հանդիսացաւ ախոյեան, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով:
Ան յաջողեցաւ ապահովել 215 կէտ եւ տիրանալ տիտղոսին: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Քալում Իլոթ (201 կէտ):
Նշենք, որ Միք նախորդ տարեշրջանին գրաւեց 12-րդ դիրքը: