«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գործող ախոյեան Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս, ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն մարզիկը` «Սփորթց-Իլիւսթրէյթըտ» ամերիկեան անուանի ամսագիրին կողմէ:
35 տարեկան ամերիկացին այսպիսով երրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցանակին (նախապէս` 2012-ին եւ 2016-ին):