Թուխել Կրնայ Գլխաւորել Մանչեսթըր Եունայթըտը
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխել կը պատրաստուի լքելու իր ակումբը, այս մասին յայտնեց «Լը Փարիզիեն»-ը:
47 տարեկան Թուխելով շատ մօտէն հետաքրքրուած է անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ շուտով բանակցութիւններու պիտի սկսի անոր հետ:
Նշուեցաւ, որ Թուխել նոր պայմանագրութիւն պիտի չկնքէ մայրաքաղաքի կազմին հետ եւ 2021-ի ամրան պիտի հեռանայ խումբէն:
Ան Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ նշանակուեցաւ 2018-ին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական