Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Սաժես Պէյրութի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող 22 տարեկան ֆութպոլիստ` Մոհամետ Ալի Ֆահըս մահացաւ սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Անոր ակումբը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն, լիբանանցի մարզասէրներուն եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտանիքին: