Ճատրակ. 2024-ի Համաշխարհային Ողիմպիականը Տեղի Պիտի Ունենայ Պուտափեշտի Մէջ
Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 2024-ի ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ:
Անիկա կը կատարուի երկու տարին անգամ մը: Այս տարի սկզբունքով ողիմպիականի հիւրընկալ երկիրը պէտք էր ըլլար Ռուսիան, սակայն անիկա չկայացաւ` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Առաջին անգամ «ՖԻՏԷ»-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքը նախապէս Պուտափեշտ հիւրընկալած է երկար տարիներ առաջ…1926-ին:
Հոս նշենք, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը երեք անգամ հանդիսացած է ողիմպիականի ախոյեան (2006, 2008, 2012):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական