Երէկ` կիրակի, 6 դեկտեմբերին, «Եւրօ-2022»-ի ֆութսալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պուլկարիան:
Վառնայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Հայաստանէն տուպլէ մը իրագործեց Համլեթ Մանուկեան: Իսկ մէկական կոլ նշանակեցին Դաւիթ Ասլանեան եւ Վլատիմիր Սանոսեան:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին, դարձեալ Վառնայի մէջ: