Ըստ անգլիական մամուլին, Եուվենթուսին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա ամենայն հաւանականութեամբ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Անգլիոյ մէջ:
27 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են անգլիական աւելի քան վեց ակումբներ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը` Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանին հետ, իր աւարտին կը հասնի յունիս 2021-ին: