Միացեալ Նահանգներու ճատրակի աղջկանց ազգային խումբին անդամ Տաթեւ Աբրահամեան յայտնեց, որ 20 դեկտեմբերին, «Chess.com» կայքին վրայ պիտի կատարուի կայծակնային ճատրակի առցանց մրցաշարք մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած ընտանիքներուն:
Աբրահամեան յայտնեց, որ հանգանակութեան նուազագոյն գումարը 25 ամերիկեան տոլար է:
Անոր մասնակցողները պիտի խաղան Հայաստանի աղջկանց ախոյեան Մարիա Գէորգեանի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու բնակիչ Վարուժան Յակոբեանի, Տաթեւ Աբրահամեանի եւ Սամուէլ Սեւեանի դէմ: