Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականներուն Մրցակիցները Յստակացան

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականներուն Մրցակիցները Յստակացան

Երէկ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի 17 եւ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքերուն զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց ԺԳ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Անգլիան, Սլովաքիան եւ Պիելոռուսիան: Իսկ 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց ԺԱ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի...

Թենիս.  Ճոքովիչ Որոշեց Տեղափոխուիլ Սպանիա

Թենիս. Ճոքովիչ Որոշեց Տեղափոխուիլ Սպանիա

Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ որոշեց տեղափոխուիլ Սպանիա եւ հաստատուիլ Մարպելլա, այս մասին յայտնեց «Թելեկրաֆ»-ը: Ան ներկայիս կը բնակի Մոնթէ Քարլոյի մէջ (Մոնաքօ): «Քորոնա» ժահրի համավարակին առաջին ալիքի ընթացքին ան կը գտնուէր Մարպելլա: Անոր համար այդտեղի կեանքը բաւական հաճելի թուած է: Ան արդէն իսկ 10 միլիոն եւրօ արժողութեամբ վիլլա գնած է հոնկէ: Նշենք, որ...

Պայէրն Միւնիխի Միջնապահը Մինչեւ  Տարեվերջ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պայէրն Միւնիխի Միջնապահը Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Խաւի Մարթինես, որ Լայփցիկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Պունտըսլիկա») ձախ ազդրի վնասուածք ստացաւ, մինչեւ տարեվերջ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, այս մասին հաղորդեց յայտնեց «Տը Պիլտ»-ը: Այս տարեշրջանին 32 տարեկան ֆութպոլիստը իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 8 մրցում: Միւնիխեան ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը վերջ կը գտնէ յառաջիկայ ամրան:  

Պարսելոնա Շատ Հաւանաբար  Ծախէ Ֆրանքի Տէ Եոնկը

Պարսելոնա Շատ Հաւանաբար Ծախէ Ֆրանքի Տէ Եոնկը

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամրան ընթացքին ծախէ խումբի միջնապահ Ֆրանքի Տէ Եոնկը, այս մասին յայտնեց «Կոլ-քոմ«-ը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, անոր հեռացման պատճառը կը կարծուի ըլլալ ակումբին ունեցած տնտեսական լուրջ տագնապը: Նշուեցաւ, որ արդէն իսկ Պայէրն Միւնիխ սկսած է գործակցիլ ֆութպոլիստին փոխանցումով զբաղող անձին հետ: 23 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Պարսայի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2026-ի ամառ: Ճիշդ...

Ռամոս Կը Փափաքի Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Աւարտել Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռամոս Կը Փափաքի Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Աւարտել Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս մտադիր չէ փոխել իր ակումբը, որովհետեւ կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել արքայական ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մամուլը: Նշենք, որ մինչեւ երէկ ցարդ երկու կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան չէին եկած: Բանակցութիւնները կը շարունակուին` անոր պայմանագրութեան երկարաձգման վերաբերեալ: Ռամոս կը փափաքի երկու տարիով երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը` տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձի դիմաց: Ռէալ...

Ռէալ Մատրիտ Նոր Պայմանագրութիւն  Պիտի Առաջարկէ Մոտրիչին

Ռէալ Մատրիտ Նոր Պայմանագրութիւն Պիտի Առաջարկէ Մոտրիչին

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ իր համագործակցութիւնը ակումբի խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի հետ: Արքայական ակումբը մտադիր է երկու տարուան նոր պայմանագրութիւն մը կնքել 35 տարեկան ֆութպոլիստին հետ: Նշուեցաւ, որ կողմերը արդէն իսկ սկսած են բանակցութիւններու` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2021: Մոտրիչ նախապէս իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսած էր, որ կը...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ.  Հայր Անթուան Սալիպա  Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Հայր Անթուան Սալիպա Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը

22 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Թեկնածուներուն կարգին է, Պէյրութ-Ֆըրսթ ակումբին պատասխանատուներէն հայր Անթուան Սալիպա, որ շատերու նման առաջադրեց իր թեկնածութիւնը: Եթէ պատահի, որ ան ընտրուի, պիտի հանդիսանայ առաջին կղերականը, որ մաս պիտի կազմէ ֆետերասիոնին: Նշենք, որ ըստ լիբանանեան մարզական մամուլին, ընտրապայքարը պիտի ըլլայ քիչ մը սուր` նկատի ունենալով, որ կան երկու տարբեր ցանկեր: Առաջին ցանկը...

Պասքեթպոլ.  Անտոնեան Համալսարանը Կը Կազմակերպէ  Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացք Մը

Պասքեթպոլ. Անտոնեան Համալսարանը Կը Կազմակերպէ Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացք Մը

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Անտոնեան համալսարանը (Պաապտա) կը կազմակերպէ մարզիչներու յատուկ դասընթացք մը (Քլինիք), 14 եւ 15 դեկտեմբերին, նոյնինքն համալսարանին մէջ: Բացումին ներկայ պիտի գտնուին համալսարանին նախագահ հայր Միշել Ժալըխ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի: Նշուեցաւ, որ այս դասընթացքին աւարտին անոր բոլոր մասնակիցներն ալ պիտի ստանան յատուկ վկայագիրներ:

Մխիթարեան. «Պիտի Փորձենք Անակնկալի  Բերել Մեր Մրցակիցները»

Մխիթարեան. «Պիտի Փորձենք Անակնկալի Բերել Մեր Մրցակիցները»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին տուած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին, անդրադարձաւ Եւրոպայի գօտիի 2022-ի Մոնտիալին վիճակաձգութեան: «Մեզի համար այդքան ալ գէշ չէ այս խմբակը, բայց որեւէ ազգային խումբ չենք կրնար անտեսել: «Տարբեր խաղաոճերով պիտի խաղանք իւրաքանչիւր հաւաքականի դէմ, պիտի փորձենք շատ լաւ պատրաստութիւն տեսնել եւ պայքարիլ բոլորին դէմ` անխտիր: «Յոյսով եմ, որ մեր...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր Վերջ Կը Գտնեն Խմբակներու  Դրութեամբ Կատարուող Մրցումները

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Վերջ Կը Գտնեն Խմբակներու Դրութեամբ Կատարուող Մրցումները

Խմբակներու դրութեամբ կատարուող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ չորս խմբակներու մէջ կը կատարուին ութ ճակատումներ` 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Նշենք, որ այս հանգրուանէն ետք կը կատարուին նաք աութի մրցումները: Ամէնէն ճակատագրական եւ տաք ճակատումները կը կատարուին Բ. խմբակին մէջ, ուր իրարու դէմ պիտի մրցին առաջինին` Ինթեր Միլան եւ Շախտիոր Տոնեցք, իսկ երկրորդին`...

Արսէն Ջուլֆալակեան Մատնուած Է  Անորոշութեան

Արսէն Ջուլֆալակեան Մատնուած Է Անորոշութեան

Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի արծաթէ մետալակիր Արսէն Ջուլֆալակեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ անորոշ վիճակի մատնուած է եւ չի գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր ապագան. շարունակե՞լ իր արհեստավարժ ասպարէզը, թէ հեռանալ իր նախասիրած այս մարզաձեւէն: Ամփոփելով 2020 թուականը` ան ըսաւ, որ տարին սկսաւ «Քորոնա» ժահրով եւ անիկա աւարտեցաւ մարդկութեան եւ յատկապէս Հայաստանի...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Էրիք Վարդանեան Սոչիի Հետ  Իր Նորամուտը Նշեց Յաղթանակով

Ռուսական Ֆութպոլ. Էրիք Վարդանեան Սոչիի Հետ Իր Նորամուտը Նշեց Յաղթանակով

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էրիք Վարդանեան ռուսական Սոչիի հետ իր նորամուտը նշեց յաղթանակով: Նշենք, որ Վարդանեան երկար ժամանակէ ի վեր բացակայ էր ֆութպոլի դաշտերէն եւ ապաքինումի ընթացքին մէջ էր` իր ստացած վնասուածքին պատճառով: Արդարեւ, անոր կազմը Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, իր հիւրին` Ախմաթի դէմ: Վարդանեան դաշտ ներկայացաւ 85-րդ...

Տեշան Եւ Ֆլիք Ընտրուեցան  2020 Տարուան Լաւագոյն Մարզիչները

Տեշան Եւ Ֆլիք Ընտրուեցան 2020 Տարուան Լաւագոյն Մարզիչները

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը, ազգային խումբերէն 2020 տարուան լաւագոյն մարզիչ ընտրեց ֆրանսայի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիտիէ Տեշանը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռոպերթօ Մարթինեզ (Պելճիքա) եւ Լուիս Էնրիքէ (Սպանիա): Նշենք, որ Տեշան 2018-ին եւս արժանացած էր այս մրցանակին: Իսկ վերոնշեալ ֆետերասիոնին կողմէ աշխարհի լաւագոյն մարզիչի կոչման (ակումբներու մակարդակով) արժանացաւ Հանս-Տիեթըր Ֆլիք (Պայէրն Միւնիխ):  

Թենիս.  Հալեփ-Ռիպաքինա Մրցումը`  Տարուան Լաւագոյնը

Թենիս. Հալեփ-Ռիպաքինա Մրցումը` Տարուան Լաւագոյնը

Աղջկանց թենիսի ֆետերասիոնին (Տապըլիու. Թի. Էյ.) կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ, որոշուեցաւ աւարտած տարեշրջանին աղջկանց լաւագոյն մրցումը: Ամէնէն շատ ձայն ստացաւ ռումանացի Սիմոնա Հալեփի եւ ղազախ Ելենա Ռիպաքինայի միջեւ կատարուած աւարտական մրցումը,  որ տեղի ունեցաւ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Անիկա աւարտեցաւ Հալեփի յաղթանակով` 3-6, 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով:      

Մահացաւ Արժանթինի Ֆութպոլի  Ազգային Խումբին Նախկին Մարզիչը

Մահացաւ Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նախկին Մարզիչը

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ալեխանտրօ Սապելլա մահացաւ: Ան 67 տարեկան էր: Նշուեցաւ, որ ան մահացաւ սրտի հարցերու պատճառով` «Քորոնա» ժահրով վարակումին ընկերակցութեամբ: Ան 2011-էն 2014 Արժանթինի մարզիչ էր:  

Ողիմպիական Խաղերու Մարզաձեւերուն  Քանակը Աւելցաւ

Ողիմպիական Խաղերու Մարզաձեւերուն Քանակը Աւելցաւ

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ ողիմպիական մարզաձեւերուն քանակը աւելցած է: Այսուհետեւ խաղերուն ընթացքին նկատի պիտի առնուին պրէյք տենսը, սըրֆինկը, ժայռ մագլցիլը եւ սքէյթ պորտինկը, մինչ տղոց 50 քմ-ի քալելու մրցումը դուրս կը մնայ ողիմպիական մարզաձեւերու ցանկէն: Սակայն անոնք պիտի սկսին ի զօրու դառնալ, Փարիզ-2024-ի ողիմպիականէն սկսեալ: Փարիզի ողիմպիական խաղերուն պիտի կրճատուի նաեւ մետալներու քանակը, 339-էն` 329, մինչ...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով Տարին Աւարտեց  20-րդ Դիրքին Վրայ

Կարէն Խաչանով Ապաքինած` «Քորոնա» Ժահրէն

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն, այս մասին յայտնեց նոյնինքն մարզիկը: Տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 20-րդ դիրքին վրայ գտնուող Խաչանով «Քորոնա» ժահրով վարակուած էր Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր գտնուած միջոցին: Ան ինքնամեկուսացումի մէջ մնալէ ետք այժմ վերսկսած է իր սովորական փորձերուն` ինքզինք առողջութեամբ շատ լաւ զգալով:    

Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ.  39 Անձեր Առաջադրեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. 39 Անձեր Առաջադրեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Յառաջիկայ կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները: Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երէկ ժամը 16:00-ին վերջին պայմանաժամն էր այս ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելու: Ըստ երեւոյթին, ընտրութիւնները պիտի ըլլան բաւական սուր` նկատի ունենալով, որ 39 անձեր առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը: Նշենք, որ նախապէս կը կազմուէր համախոհական ցանկ մը, մինչ ներկայիս կան...

Պիչ-Վոլիպոլ. Տուպայի Մրցաշարք.  Լիբանանի Տղաքը` Ախոյեան,  Իսկ Աղջիկները` Փոխախոյեան

Պիչ-Վոլիպոլ. Տուպայի Մրցաշարք. Լիբանանի Տղաքը` Ախոյեան, Իսկ Աղջիկները` Փոխախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) պիչ-վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանան: Լիբանանցի մարզիկները իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ գրաւեցին պատուաբեր դիրքեր: Շաֆիք Սալիպա-Ճօ Ազզի զոյգը հանդիսացաւ տղոց ախոյեան, իսկ Միրա Ատրա-Այա Մաթար զոյգը` աղջկանց փոխախոյեան:

Լիբանանի Այքիտոյի  Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Լիբանանի Այքիտոյի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Մասնակցութեամբ ութ ակումբներու, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի այքիտոյի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Նկատի ունենալով, որ կազմուած էր համախոհական ցանկ մը, առանց ընտրապայքարի ընտրուեցաւ նոր ֆետերասիոնը: Նշենք, որ նախագահ ընտրուեցաւ Փոլ Պու Ռըժէյլի:

Page 563 of 1279 1 … 562 563 564 … 1,279

Արխիւներ