Երէկ` երկուշաբթի, Տինամօ մարզահամալիրին մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի կռփամարտի աւագ տարիքի պատանիներու ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Հայաստանի ախոյեաններուն անունները` ըստ անոնց գրաւած տարիքային դասաւորման:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ 11 տարիքային դասաւորման մէջ` սկսելով 46 քկ-էն, հասնելով մինչեւ 80 քկ եւ վեր: