Արժանթինցի ֆութպոլի աստղ Տիեկօ Մարատոնա, որ մահացաւ նախորդ 25 նոյեմբերին, ամէն ամիս շուրջ 10 միլիոն արժանթինեան փեսօ (100 հազար ամերիկեան տոլար) կը տրամադրէր իր մտերիմներուն օգնելու համար, այս մասին հաղորդեց «Մարքա»-ն:
Այդ գումարները Մարատոնայի դրամատան անձնական հաշիւէն կը փոխանցուէին 50 ընտանիքներու, ըլլան անոնք երկրին մէջ բնակող, կամ` այլ երկիրներու մէջ:
Նշենք, որ այժմ արժանթինցիին հաշիւները սառեցուած են Արժանթինի մաքսային ծառայութեան կողմէ, ինչ որ կը նշանակէ, որ այդ բոլոր ընտանիքներուն փոխանցումները դադրած են: