«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ-Լայփցիկ Կոլերով Հարուստ Մրցումը Աւարտեցաւ 3-3 Հաւասարութեամբ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, շաբթուան գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Պայէրն Միւնիխը եւ Լայփցիկը:
Անոնց միջեւ կատարուած կոլերով հարուստ այս մրցումը աւարտեցաւ 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Պայէրնէն տուպլէ մը իրագործեց Թոմաս Միւլըր (34-րդ եւ 75-րդ), մինչ առաջին կոլը նշանակած էր` Ժամալ Մուսայլա (30-րդ):
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն ունեցաւ 23 կէտ, մինչ Լայփցիկ` 21 կէտ:
Իր կարգին, հաւասարութիւն մը արձանագրեց նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ` 1-1 արդիւնքով:
Տորթմունտի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Ճիովանի Ռէյնա (56-րդ):
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք Տորթմունտ ունեցաւ 19 կէտ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական