Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա, որ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սասուոլոն, անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հիւրընկալ կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, թէեւ 44-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, սակայն անոր կոլը չեղեալ նկատուեցաւ, երբ օրուան իրաւարարը «ՎԱՐ»-ի միջոցով այդ հարուածին կրկնութիւնը դիտելով յայտնեց, որ նախքան այդ կոլին նշանակուիլը ֆաուլ մը տեղի ունեցած էր:
Նախքան այս դէպքը կատարուիլը, անոր խմբակից Փետրօ Ռոտրիկեզ կարմիր քարտ մը ստացաւ (41-րդ):
Նշենք, որ կարմիր քարտ ստացաւ նաեւ Մխիթարեանի մարզիչը` Փաուլօ Ֆոնսեքա:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Թորինոն:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ուեսթըն Մաքքենի (78-րդ) եւ Լէոնարտօ Պոնուչչի (89-րդ):