Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի պետմինթընի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, ֆետերասիոնին ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին` Հուփս Հազմիէ ակումբին մէջ:
Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին անդամագրուած 12 ակումբներէն 11-ը:
Եօթը աթոռի համար թեկնածու ներկայացած էին ութ անձեր:
Նախքան ընտրութիւններուն սկսիլը, այդ ութ անձերէն մէկը իր առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչեց:
Այս քայլը պատճառ դարձաւ, որ մնացեալ եօթը թեկնածուները, առանց ընտրութեան կայացումի, մաս կազմեն նոր ֆետերասիոնին:
Նշենք, որ Ժասեմ Քանսօ պահեց նախագահի իր պաշտօնը` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար: