Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Մոնփելիէին:
Վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, վերջին կոլը նշանակեց Քիլիան Մպափէ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը ունեցաւ 28 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լիլ ունի 26 կէտ:


