Պրազիլական Փալմաս Ակումբին Նախագահն Ու 4 Ֆութպոլիստներ Զոհ Գացին Օդանաւի Արկածի Մը
Պրազիլի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Փալմաս ակումբին նախագահն ու 4 ֆութպոլիստներ զոհ գացին օդանաւի արկածի մը, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Արկածը տեղի ունեցած է Լուսիմանկես օդակայանին մօտակայքը: Օդանաւը ջախջախուած է թռիչք առնելէն անմիջապէս ետք: Օդաչուէն բացի օդանաւին մէջ եղած են Փալմասի նախագահ Լուքաս Մէյրա, ինչպէս նաեւ ֆութպոլիստներ Կուիլերմէ Նոյէ, Լուքաս Փրաքսետէս, Ռանուլէ եւ...




















