Հայաստանի մարմնամարզութեան նոր ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուեցաւ Գագիկ Վանոյեան, որ փոխարինեց ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանը: Վերջինս ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ:
Վանոյեան, որ ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ, վերջին երկու տարիներուն եղած է ֆետերասիոնի փոխնախագահ:
Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը պիտի կատարէ` Սահակ Անտոնեան, մինչ փոխնախագահ ընտրուեցաւ Շուշանիկ Յարութիւնեան:
Իսկ ֆետերասիոնի անդամներ դարձան Յակոբ Սերոբեան, Գայեանէ Ներսէսեան, Եղիսաբէթ Չատրճեան, Դաւիթ Ֆահրատեան եւ Յարութիւն Մերտինեան: