Մարզական

Ռոնալտօ 760 Կոլով Դարձաւ Բոլոր  Ժամանակներու Ֆութպոլի Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Ռոնալտօ 760 Կոլով Դարձաւ Բոլոր Ժամանակներու Ֆութպոլի Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, դարձաւ ֆութպոլի պատմութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգը` պաշտօնական մրցումներու ընթացքին նշանակելով իր 760-րդ կոլը: Այսպիսով, ան գերազանցեց չեխ յառաջապահ Եոզիֆ Պիսանի մրցանիշը, որ 1934-1955 ժամանակամիջոցին նշանակած էր 759 կոլ: Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով, Եուվենթուս 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նափոլիին, տիրացաւ տիտղոսին: Նշենք, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստը ընդամէնը 1036 մրցում կատարած...

Մանուէլ Նէօյըր Կրկնեց  Օլիվըր Քանի Մրցանիշը

Մանուէլ Նէօյըր Կրկնեց Օլիվըր Քանի Մրցանիշը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր կրկնեց գերմանացի նախկին բերդապահ Օլիվըր Քանի մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ ան 196-րդ մրցումն ըլլալով իր բերդին մէջ կոլ չստացաւ: Նշենք, որ 34 տարեկան Նէօյըր Պայէրնին միացաւ 2011-ին: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն, որ հիւրը եղաւ Օկզպուրկի, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` շնորհիւ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի...

Մրցումի Մը Ընթացքին Ծխելուն Պատճառով.  Ֆերաթի Կախակայուեցաւ  Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Մրցումի Մը Ընթացքին Ծխելուն Պատճառով. Ֆերաթի Կախակայուեցաւ Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Մեքսիքական Թիկրես ֆութպոլի խումբի 66 տարեկան մարզիչ Ռիքարտօ Ֆերաթի մէկ մրցումով կախակայուեցաւ` իր կազմին կատարած մէկ մրցումին ընթացքին ծխելուն պատճառով: Պրազիլցի մասնագէտը, Սանթոս Լակունայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Մեքսիքայի ֆութպոլի ախոյեանութիւն) կախակայուելէ բացի, 8 հազար փեսօ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Նշենք, որ անոր կազմը 29 յունուարին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան:  

2000-էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Լիվըրփուլ Կոլ Չի Նշանակեր`  Յաջորդաբար 4-րդ Մրցումն Ըլլալով

2000-էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով. Լիվըրփուլ Կոլ Չի Նշանակեր` Յաջորդաբար 4-րդ Մրցումն Ըլլալով

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեան Լիվըրփուլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց վարի դիրքերուն վրայ գտնուող Պըրնլին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Անիկա եղաւ անոր այս տարեշրջանի երրորդ պարտութիւնը: Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմը «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ յաղթանակ չի կրնար արձանագրել յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով (3 հաւասարութիւն, 2 պարտութիւն): Այսպիսով, Լիվըրփուլ յաջորդաբար...

Սպանական Ֆութպոլ.  21 Տարեկան Բերդապահին Պատմական Մրցանիշը`  Պարսելոնայի Դէմ Կատարուած Մրցումին

Սպանական Ֆութպոլ. 21 Տարեկան Բերդապահին Պատմական Մրցանիշը` Պարսելոնայի Դէմ Կատարուած Մրցումին

Քորնելլայի 21 տարեկան բերդապահ Ռամոն Խուան տպաւորիչ ցուցանիշ մը հաստատեց Պարսելոնայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քոփա Տել Ռէյ»), հակառակ անոր որ անոր կազմը 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` քաթալոնական կազմէն, 1-16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուած այս մրցումին ընթացքին (երկարաձգումէն ետք): «Միսթըր Չիփ»-ի համաձայն, Խուան հանդիսացաւ պատմութեան առաջին բերդապահը, որ երկու փենալթի կը զսպէ Պարսելոնայի դէմ...

Սերճիօ Ակուերօ Վարակուեցաւ  «Քորոնա» Ժահրով

Սերճիօ Ակուերօ Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խումբին մարզիկներէն արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Այժմ ան ինքնամեկուսացած է եւ կը հետեւի բժիշկի ցուցմունքներուն: Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ միայն 5 մրցումի` նկատի ունենալով, որ ծունկի վնասուածք ունէր:

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին  Ընտրութիւնները` 21 Յունուարին

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Ընտրութիւնները Յետաձգուեցան 25 Փետրուարին

Երէկ` հինգշաբթի, 21 յունուարին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող կացութեան` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, ամէն ինչ սառած վիճակ մը կը ներկայացնէ: Ասկէ մեկնելով, ժողովականները որոշեցին նոր թուական մը ճշդել Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին նոր ընտրութիւններուն` նկատի ունենալով, որ երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգուեցաւ մինչեւ երկուշաբթի, 8 փետրուար եւ շատ հաւանական է, որ մինչեւ...

Պասքեթպոլ.  «Սփորթց Մանիա-Տուպայ»-ի Մրցաշարքին  Կը Մասնակցին 8 Խումբեր

Պասքեթպոլ. «Սփորթց Մանիա-Տուպայ»-ի Մրցաշարքին Կը Մասնակցին 8 Խումբեր

Հսկողութեամբ Տուպայի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ լիբանանեան «Սփորթ Մանիա-Տուպայ» ընկերութեան, Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) սկիզբ առաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 խումբեր: Անիկա պիտի երկարի ամսուան մը վրայ: Այդ ութ խումբերը կը կրեն լիբանանեան անուններ, եւ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերողները, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ բնակող լիբանանցիներ են: Մրցաշարքին մասնակցող խումբերն են` Պէյրութ, Սայտա, Պիպլոս, Զահլէ,...

Ա. Էս. Ռոմա Շնորհաւորեց Հենրիխ Մխիթարեանի  Ծննդեան 32-րդ Տարեդարձը

Ա. Էս. Ռոմա Շնորհաւորեց Հենրիխ Մխիթարեանի Ծննդեան 32-րդ Տարեդարձը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը, երէկ շնորհաւորեց իր ֆութպոլիստին եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի ծննդեան 32-րդ տարեդարձը: Հայրենի ֆութպոլիստին ծննդեան տարեդարձը շնորհաւորեցին նաեւ անոր ակումբին խմբակիցները, անուանի ֆութպոլիստներ եւ ազգային հաւաքականին անոր խմբակիցները: Մխիթարեան, որ ֆութպոլիստի իր ասպարէզը սկսած է Փիւնիկ Երեւանի հետ, մաս կազմած է նաեւ ուքրանական Մեթալուրկին եւ Շախտիորին, գերմանական Պորուսիա Տորթմունտին, ինչպէս նաեւ...

Անտրէ Քալիսիր Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Յունաստանի Մէջ

Անտրէ Քալիսիր Իր Նորամուտը Նշեց Յունաստանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր իր նորամուտը նշեց Յունաստանի մէջ: Շուէտական Կէօթըպորկէն Ափոլոն Սմիրնիս տեղափոխուած 30 տարեկան ֆութպոլիստը ԱԷՔ Աթէնքի դէմ տեղի ունեցած Յունաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի (1-16-րդ հանգրուան) մրցումին, որուն ընթացքին դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին: Ան 35-րդ վայրկեանին ստացաւ դեղին քարտ մը: Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, անոր կազմը...

Վարդան Մինասեան Կրնայ Վերադառնալ  Մարզիչի Իր Ասպարէզին

Վարդան Մինասեան Կրնայ Վերադառնալ Մարզիչի Իր Ասպարէզին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Արարատ-Արմենիայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կրնայ դարձեալ վերադառնալ մարզիչի իր ասպարէզին: Ղազախական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ ան շատ հաւանաբար ստանձնէ երկրին Թարազ խումբին մարզիչի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ ան ակումբին կողմէ նկատի առնուած թեկնածուներուն կարգին է: Անցեալին ան փորձառութիւն ունեցած է ղազախական ֆութպոլին մէջ` նկատի ունենալով, որ եղած է Թոպոլի մարզիչ (2014-էն 2015):...

Կռփամարտ.  Արամ Աւագեան Իր Մենամարտը Աւարտեց Հաւասարութեամբ

Կռփամարտ. Արամ Աւագեան Իր Մենամարտը Աւարտեց Հաւասարութեամբ

Արհեստավարժ կռփամարտիկ Արամ Աւագեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր կատարած 12-րդ մենամարտը աւարտեց հաւասարութեամբ: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Քոննեքթիքութ նահանգին մէջ իր կատարած ութ ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց փանամացի իր մրցակիցին` Խոսէ Նունիեսի հետ: Այս մենամարտէն ետք, հայ կռփամարտիկը դժգոհ մնալով իրաւարարներուն տուած որոշումէն, ըսաւ. «Ամէն ինչ կատարեցի յաղթանակ արձանագրելու համար: Թէեւ քանի մը հարուած ստացայ, սակայն զանոնք...

«Էն. Պի. Էյ.».  Հարտեն Եւ Տոնքիչ` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.». Հարտեն Եւ Տոնքիչ` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 9 մրցումներ, մինչ երկու ուրիշներ յետաձգուեցան` կարգ մը մարզիկներու «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու պատճառով: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, երկրորդ երկարաձգումէն ետք միայն աւարտեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ-Պրուքլին Նեթց մրցումը` ի նպաստ հիւրընկալ կազմին` Քաւալիրզի, 147-135 արդիւնքով: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քաւալիրզէն Քոլին Սեքսթըն (42 կէտ): Նեթցէն 38 կէտ նշանակեց...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Ռէալ Մատրիտ Դուրս Մնաց` Պարտուելով…  Գ. Դասակարգի Ալքոյանօ Խումբէն

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ Դուրս Մնաց` Պարտուելով… Գ. Դասակարգի Ալքոյանօ Խումբէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ 2020-2021 տարեշրջանին գծով երկրորդ տիտղոսի մը եւս տիրանալու իր յոյսերը կորսնցուց, երբ այս անգամ դուրս մնաց Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն («Քոփա Տել Ռէյ»): Ինչպէս ծանօթ է, ֆրանսացի մարզիչ Զինետտին Զիտանի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ, նախորդ շաբաթավերջին դուրս մնացած էր Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքէն` պարտուելով Աթլեթիք Պիլպաոյէն: «Քոփա Տել Ռէյ»-ի 1-32-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին,...

Եուվենթուս 9-րդ Անգամ Ըլլալով  Հանդիսացաւ Իտալիոյ Գերբաժակակիր

Եուվենթուս 9-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Իտալիոյ Գերբաժակակիր

Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Եուվենթուսն ու Նափոլին, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 64-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, հանդիսացաւ այս մրցաշարքին պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ) Ալվարօ Մորաթթա արդիւնքը վերածեց 2-0-ի: Նշենք, որ մրցումին 80-րդ վայրկեանին Թորինոյի շնորհուած փենալթին կոլի չկրցաւ վերածել Լորենցօ Ինսինյը: Այսպիսով, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, իր պատմութեան...

Դահուկարշաւ.  Լիբանան Հանդիսացաւ Փոքր Երկիրներու  Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Դահուկարշաւ. Լիբանան Հանդիսացաւ Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Երէկ Մոնթենեկրոյէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը` հոն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք փոքր երկիրներու դահուկարշաւի ախոյեանութեան: Լիբանանէն բացի այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին` Ալպանիա, Կիպրոս, Մոնթենեկրօ, Սերպիա, Պոսնիա, Մակեդոնիա, Լիթուանիա, Փորթուգալ եւ Սան Մարինօ: Լիբանանի աղջիկները, տիրանալով 3 ոսկի եւ 3 պրոնզ մետալներու, տիրացան ախոյեանութեան տիտղոսին: Այս առիթով Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրետի Քէյրուզ շնորհաւորեց լիբանանցի մարզիկներուն ձեռք...

Կեանքէն Հեռացաւ Անուանի  Ֆութպոլիստ Ռոմիկ Վարդազարեան

Կեանքէն Հեռացաւ Անուանի Ֆութպոլիստ Ռոմիկ Վարդազարեան

Արարատ-Երեւանի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Ռոմիկ Վարդազարեան, որ նախանցեալ օր ունեցած էր առողջական խնդիրներ եւ վատթարացած վիճակ մը, երէկ կեանքէն հեռացաւ սրտի կաթուած մը հետեւանքով: Ան 60 տարեկան էր: Ռոմիկ Վարդազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին հանդէս եկած է Կոտայքի եւ Արարատի հետ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէ ետք, ան եղած է Բանանցի (այժմ` Ուրարտու) մարզիչ: Նշենք, որ ան մեծ յարգանք...

Իտալիոյ Ֆութպոլի  Բաժակի Մրցաշարք.  Մխիթարեան Կոլի Հեղինակ,  Բայց Ա. Էս. Ռոմա… Դուրս Մնաց

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մխիթարեան Կոլի Հեղինակ, Բայց Ա. Էս. Ռոմա… Դուրս Մնաց

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա, որ մրցեցաւ Սփեցիայի դէմ, 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Մրցումին առաջին 15 վայրկեանին արդէն իսկ Սփեցիա նշանակած էր երկու կոլ: Սակայն նախքան առաջին 45 վայրկեաններուն աւարտը, Ա. Էս. Ռոմայի կազմը նշանակեց կոլ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ իր մարզական հաւաքին: Այս հաւաքը, որ սկսաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունուարին, իր աւարտին կը հասնի 27 յունուարին: «ԵՒՐՕ-2022»-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 29 յունուարին Հայաստան հիւրը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ, իսկ 3 փետրուարին հայրենի կազմը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսան: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութսալի...

«ՖԻՖԱ».  Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու  Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն

«ՖԻՖԱ». Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն

Զուիցերիական Ցիւրիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու 2021-ի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ փետրուարին` Քաթարի մէջ: «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի մրցաշարքին տիտղոսակիրը` Պայէրն Միւնիխ եւ Լիպերթատորեսի բաժակակիրը (ցարդ անորոշ) մրցաշարքին կը սկսին կիսաւարտական հանգրուանէն: Քառորդ աւարտականին իրարու դէմ կը մրցին Թիկրեսն (Մեքսիքա) ու Ուլսանը (Հարաւային Քորէա), մինչ երկրորդին` Տուհայլ (Քաթար) եւ Ահլի (Եգիպտոս): Կիսաւարտականի մրցումներուն, Պայէրն իր դէմ...

Page 546 of 1279 1 … 545 546 547 … 1,279

Արխիւներ