Եւրոպայի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի 21-25 ապրիլին, զուիցերիական Պալ քաղաքին մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 40 երկիրներԷ 323 մարզիկներ:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան նշեց, որ նախքան այս ախոյեանութեան մեկնարկ տրուիլը, անպայման պիտի կատարուին հաւաքներ` մարզիկներուն մարզավիճակը լաւ պահելու համար:
Կը նախատեսուի հաւաքները կատարել կա՛մ Թիֆլիսի մէջ, կամ ալ` Մինսքի մէջ: