Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող պելճիքացի միջնապահ Քեւին Տը Պրույնէ, որ Ասթոն Վիլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Փրեմիեր Լիկ») վնասուածք ստացաւ, շուրջ 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
«Բոլորն ալ գիտեն, թէ ան որքա՛ն կարեւոր խաղացող մըն է, եւ անոր բացակայութիւնը, անկասկած, իր վատ անդրադարձը կրնայ ունենալ յառաջիկային մեր կազմին կատարելիք ներկայացումներուն վրայ: Ան պիտի բացակայի կարգ մը կարեւոր մրցումներէ, բայց լուծումներ պիտի գտնենք ատոր», յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլա:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին ան իր մասնակցութիւնը չբերաւ Չելթընհեմ Թաունի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-1, Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք):