«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ, որոնց ընթացքին հիւրընկալ կազմերէն երկուքը պարտութիւն կրեցին:
Երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Միլուոքի Պաքսին, արձանագրեց 113-106 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 34 կէտ, մինչ հիւրընկալ կազմէն` Պաքսէն, Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ` 25 կէտ:
Սթեֆըն Քարիի նշանակած 30 կէտը, բաւարար չեղաւ, որ անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ յաղթանակ արձանագրէ իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին դէմ (119-104):
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Եութա Ճեզ 129-118 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Օրլինզին: Յաղթական կազմէն Տոնովան Միչել նշանակեց 36 կէտ: