17 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Զտումի Մրցումները Պիտի Կատարուին Պիելոռուսիոյ Մէջ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան ԺԳ. խմբակի զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան Պիելոռուսիոյ մէջ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ այս խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Անգլիան, Սլովաքիան եւ Պիելոռուսիան:
Մրցումներու կայացման թուական ճշդուեցաւ 15-23 հոկտեմբերը:
Ակադեմիա-04 խումբը, որուն ֆութպոլիստները կը կազմեն Հայաստանի 17 տարեկանէն հաւաքականին կորիզը, այժմ վերսկսած է իր փորձերուն` ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական