Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ մաս կը կազմէ ղազախական Ասթանային, նախորդ շաբաթավերջին իր գլխաւոր մարզիչին` Անտրէյ Թիխոնովի եւ մէկ խմբակիցին հետ այցելեց «Նուրլի Զհերեք» կեդրոն, ուր հանդիպեցաւ սահմանափակ կարողութիւններով երեխաներու հետ:
Ան, «ՖԻՖԱ-21» համակարգչային խաղ խաղցաւ անոնց հետ, ինչպէս նաեւ անոնց տուաւ նուէրներ, որոնց կարգին` «Սոնի Փլէյսթէյշըն» համակարգիչ:
Նշենք, որ Ղազախստանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Բարսեղեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 18 մրցումի` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 7 էսիսթ:
«Թրանսֆըրմարքեթ»-ի եւ «Sports.kz» կայքին կողմէ հայ յառաջապահը ընդգրկուեցաւ տարեշրջանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ: