Պրազիլի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Փալմաս ակումբին նախագահն ու 4 ֆութպոլիստներ զոհ գացին օդանաւի արկածի մը, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Արկածը տեղի ունեցած է Լուսիմանկես օդակայանին մօտակայքը: Օդանաւը ջախջախուած է թռիչք առնելէն անմիջապէս ետք:
Օդաչուէն բացի օդանաւին մէջ եղած են Փալմասի նախագահ Լուքաս Մէյրա, ինչպէս նաեւ ֆութպոլիստներ Կուիլերմէ Նոյէ, Լուքաս Փրաքսետէս, Ռանուլէ եւ Մարքուս Մոլինարի:
Նշենք, որ Փալմաս կ’երթար Վիլա Նովայի դէմ Պրազիլի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով մրցում մը կատարելու: