Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած խառն մենամարտերու` «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-257»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ յաղթանակ արձանագրեց Արման Ծառուկեան:
Ռուսահայ մարտիկը, որ մենամարտեցաւ ամերիկացի Մեթ Ֆրեվոլայի դէմ, երեք ռաունտերուն ալ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին դէմ, իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 30-27, 30-27 եւ 30-26 արդիւնքով:
Այս մենամարտէն ետք, ան ռինկին վրայ իր այս յաղթանակը տօնեց հայկական եռագոյնով:
Արման Ծառուկեան, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին արձանագրեց իր 16-րդ յաղթանակը, ցարդ կրած է միայն 2 պարտութիւն: