Հերթա Պերլինի ղեկավարութիւնը երէկ` կիրակի, պաշտօնազրկեց ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Պրունօ Լապատիան եւ թեքնիք տնօրէնը` Միքայէլ Փրիցը, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին Հերթա Պերլին իր դաշտին վրայ կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Վերտըր Պրեմընէն: