Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ մատրիտեան ակումբին ամբողջ անձնակազմը ենթարկուած է վերոնշեալ ժահրի քննութեան, եւ միայն Զիտանի քննութեան արդիւնքը ելած է դրական: Այժմ ան ինքնամեկուսացած է:
48 տարեկան ֆրանսացին, որ արքայական ակումբի գլխաւոր մարզիչ վերանշանակուեցաւ 2019-ին (նախապէս` 2016-2018-ին), իր կազմին հետ մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է: