Այսօր` երեքշաբթի, 26 յունուարին, Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, երբ միլանեան տերպիի մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ինթեր Միլան եւ Ա. Սէ. Միլան:
«Սան Սիրօ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Նշենք, որ ցարդ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») մրցումները կը կատարուին անոնց երկուքին տիրապետութեամբ` նկատի ունենալով, որ 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք Ա. Սէ. Միլան 43 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, որուն կը յաջորդէ Ինթեր Միլան` 41 կէտով: