Պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ շրջանին` նախորդ շաբաթավերջին կարգ մը ակումբներ կատարեցին ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:
Հայաստանի գործող ախոյեան Արարատ-Արմենիա 2021 տարուան իր առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սեւանի դէմ (Ա. դասակարգ), Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կատարուած մրցումին:
Ուրարտու, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Արարատ-Երեւանը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Այլ գետնի վրայ, Չարենցաւանի Վան ֆութպոլի խումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը երկկողմանի համաձայնութեամբ իր պայմանագրութիւնները խզեց 12 ֆութպոլիստներու հետ: